2016-05-14 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Յոբելենական ունկնդրութիւնը` ''Ողորմութիւն եւ գթութիւն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 14 մայիս 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Յոբելենական ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ այս առթիւ արտասանած իր ճառին սկիզբը ակնարկեց կլիմայական անկայուն վիճակին եւ ներկաները գնահատեց որովհետեւ հակառակ անձրեւին քաջութեամբ կը մասնակցէին ունկնդրութեան։

Նորին Սրբութիւնը ապա յիշեց թէ կլիմայական պատճառներու համար սոյն ունկնդրութիւնը տեղի կ՛ունենայ երկու վայրերու մէջ տրուած ըլլալով որ խումբ մը հիւանդներ կը գտնուին Պօղոս Զ-ի  անուան փակ սրահին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ ապա կարեկցութեան եւ գթութեան մասին հաստատելով թէ այդ մէկը արտայայտութիւնն է Աստուծոյ ողորմութեան։ Գթութիւնը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, Սուրբ Հոգիի եօթը պարգեւներէն մէկն է զոր Տէրը կը շնորհէ իր աշակերտներուն։ Աւետարանի մէջ յաճախ Յիսուսին կ՛ուղղուին աղերսներ. ''Տէր գթա իմ վրաս'' եւ Յիսուս այս բոլորին կը պատասխանէ ողորմած հայեացքով եւ իր մխիթարիչ ներկայութեամբ։ Արդարեւ կարեկցութիւն հայցող անձերը Յիսուսի մէջ տեսան արտակարգ իրականութիւն մը որ կարող էր օգնել զիրենք դուրս գալու իրենց ապրած թշուառ կացութենէն։

Անոնք Անոր մէջ կը զգային Աստուծոյ սէրը եւ Յիսուս կ՛ընդառաջէր անոնց խնդրանքին յատկապէս երբ կը տեսնէր տառապող անձեր որոնց արժանապատուութիւնը վիրաւորուած է։

''Յիսուս զանոնք կը հրաւիրեր վստահութիւն ունենալու իր վրայ։ Յիսուսին համար կարեկցիլ կը նշանակէ բաժնեկցիլ տխրութիւնը եւ միեւնոյն ժամանակ միջամտել որպէսզի այդ տխրութիւնը ուրախութեան վերածուի'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ մենք եւս կանչուած ենք մշակելու գթութեան վարուելակերպ մը, ի տես կեանքի իրողութիւններուն, ազատելով նիւթական բարեկեցութեան ստրկութենէն եւ յաղթահարելով անտարբերութեան զգացումը` որ արգելք կը հանդիսանայ մեր շուրջ գտնուող եղբայրներուն կարիքները տեսնելու։

''Նայինք Սուրբ Կոյս Մարիամին որ հոգ կը տանի իր զաւակներուն որ մեզի հաւատացեալներուս համար գթութեան խորհրդանիշն է'' ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը եւ խօսքը եզրափակեց մէջբերելով Տանթէ Ալիկիերիի աղօթքը նուիրուած Տիրամօր ''Քու մէջդ ողորմութիւն, քու մէջդ գթութիւն...քու մէջդ միացած են արարչութեան մէջ գտնուող բոլոր բարիքները....''

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն հիւանդներուն եւ նորապսակներուն  քաջալերելով զանոնք հետեւելու Սուրբ Մատթէոս առաքեալի օրինակին, հաւատքի յարատեւութեան մէջ, յանձնուելով Յարուցեալ Քրիստոսին եւ միսիոներական նուիրումով եւ սիրով նուիրուելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.